2017-03-01 10:35:00

''Քառասնորդացը` յոյսի ուղեւորութիւն''. Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Ելից գիրգ 3, 7-8.10

Եւ Տէրը ասեց. Իրաւ տեսայ իմ ժողովրդի չարչարանքը, որ Եգիպտոսումն է, եւ գործավարների պատճառով նորանց աղաղակը լսեցի. Որովհետեւ նորանց նեղութիւնները իմացայ. 

Եւ իջայ նորանց Եգիպտացիների ձեռքիցն ազատելու, եւ նորանց այն երկրիցը մէկ լաւ ու լայնարձակ երկիր՝ մի կաթ ու մեղր բղխող երկիր՝ Քանանացիների եւ Քետացիների եւ Ամորհացիների եւ Փերեզացիների եւ Խեւացիների եւ Յեբուսացիների տեղը հանելու։…. Ուստի եկ հիմա քեզ Փարաւօնի մօտ ուղարկեմ, եւ հանիր իմ ժողովուրդը՝ Իսրայէլի որդիքը Եգիպտոսիցը։ 

 

(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր` մոխրոց չորեքշաբթի օրը, կը մտնենք քառասնորդաց շրջանի մէջ։ Եւ ի տես քրիստոնէական յոյսի մասին կատարած խորհրդածութիւններուս, այսօր կ՛ուզեմ ներկայացնել քառասնորդացը` որպէս յոյսի ուղեւորութիւն''։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` սկիզբ տուաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած Մարտ մէկի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։

''Քառասնորդացը. ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը. հաստատուած է որպէս Զատկուայ տօնի պատրաստութեան շրջան։ Մենք կ՛ընդանանք դէպի յարուցեալ Տէրը դուրս գալով խաւարէն ու հանդիպելով Անոր որ է Լոյս։ Քառասնորդացը ապաշխարութեան շրջան ­է, շրջան է նորոգելու մեր մկրտութեան ինքնութիւնը, Աստուծոյ սիրով վերածնունդի շրջան։ Ահա թէ ինչու քառասնորդացը, բնականօրէն կը դառնայ յոյսի ժամանակաշրջան''։

Բացատրելու համար այս իրողութիւնը Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Իսրայէլի ժողովուրդի եգիպտոսէն Ելքին։  ''Անոնք, ըսաւ Քահանայապետը, կ՛ապրէին ստրկութեան վիճակի մէջ. Տէրը սակայն չի մոռցաւ իր ժողովուրդին տուած խոստումը. Կոչեց Մովսէսը ու անոր միջոցաւ դուրս հանեց Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսէն ու զանոնք առաջնորդեց աւետեաց Երկիր։ Այս ստրկութենէն դէպի ազատութիւն ուղեւորութեան ընթացին Տէրը Իսրայէլացիներուն տուաւ օրէնքը` որպէսզի անոնք սիրեն Զինքը` որպէս միակ Տէր, եւ իրար զիրար սիրեն` որպէս եղբայրներ։

Սուրբ Գիրքը կը նշէ թէ այս ելքը երկարատեւ էր, յատկանշական օրէն 40 տարի, որուն ընթացքին անոնք ապրեցան դժուարութիւններ ու փորձութիւնը` Եգիպտոս վերադառնալու։ Սակայն հակառակ ասոր Տէրը հաւատարիմ մնաց իր խոստումին ու այդ ուղեւորութիւնը տեղի ունեցաւ յոյսի մէջ` Յոյս հասնելու աւետեաց երկիր։ Ամէն մէկ արարք, ամէն մէկ անկում, ամէն մէկ յոգնութիւն` իմաստ կը ստանայ միայն Աստուծոյ փրկութեան ծրագրին ներգոյ, որ իր ժողովուրդին համար կը բաղձայ կեանք եւ ոչ թէ մահ, ուրախութիւն եւ ոչ թէ ցաւ։

Այսպէսով Յիսուսի Զատիկը`  հանդիսացաւ նաեւ ''ելք'', որով Ան մեր առջեւ բացաւ ճանապարհը` հասնելու կեանքի լիութեան` յաւիտենականութեան։ Այս ընելու համար Յիսուս ստիպուած եղաւ մերկանալու իր փառքէն, խոնարհելու ու հնազանդ դառնալու մինչեւ մահ, ու մահ խաչին վրայ։

Յաւիտենական կեանքի ճանապարհը բանալու համար Ան թափեց իր արիւնը որուն շնորհիւ է որ մենք ազատեցանք մեղքի ստրկութենէն։ Սակայն այս չի նշանակեր թէ Տէրը ամէն ինչ ըրաւ ու մենք ոչ մէկ բան ունինք ընելիք. Մեր փրկութիւնը անկասկած պարգեւ մըն է, սակայն ան ըլլալով սիրոյ պատմութիւն կարիքը ունի մեր ''Այոյին'' ու մեր մասնակցութեան։ Եթէ Յիսուս մեզի կը պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյն կենդանի ջուրը` մեզի կը մնայ երթալ խմել այդ աղբիւրէն, խորհուրդներու մատակարարումի, աղօթքի ու պաշտամունքի միջոցաւ։ Ան է լոյսը որ յաղթեց խաւարին ու մեզմէ խնդրուած է սնուցել փոքրիկ բոցը որ մեզի վստահուեցաւ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ - յարեց ապա Քահանայապետը ընդգծելով թէ  ''Քառասնորդացը մեր ապաշխարութեան յատկանշական խորհուրդն է, ան ստրկութենէն ազատութեան տանող ճանապարհն է, որ մշտատեւ պէտք է նորոգուի''։

''Քառասնորդացի ելքը ուղեւորութիւնն է ուր յոյսը կը կազմուի անապատի դժուարութիւններուն ու յոգնութիւններուն մէջ ու կը դառնայ ամրապնդուած յոյս` նման Սուրբ Կոյսի յոյսին, որ իր որդւոյն չարչարանքներու ու  մահուան խաւարին մէջ, շարունակեց հաւատալ եւ յուսալ անոր Յարութեան` որ է Աստուծոյ սիրոյ յաղթանակը։

''Բաց սրտով ուրեմն մուտք գործենք քառասնորդաց ժամանակաշրջանին մէջ, մենք մեզ մաս զգալով Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին եւ ուրախութեամբ սկիզբ տանք մեր այս յոյսի ճանապարհորդութեան'' հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին ապա զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն, յատուկէն ողջունելով հիւանդները, երիտասարդներն ու նորապսակները մաղթելով որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ զանոնք դէպի ապաշխարութեան իսկական ուղեւորութիւն վերագտնելու համար Աստուծոյ Խօսքին պարգեւը, եւ բիւրեղացած  մեղքէն` եղբայրներու ընդմէջէն ծառայեն Քրիստոսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.